Ծագում

1922 թուականին, 1915-ի Ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ Պելճիքայի մէջ հաստատուած քանի մը հայ ընտանիքներ կը որոշեն կազմակերպչական կարգավիճակ մը ստեղծել, համակարգելու Հայ կեանքը եւ ապահովելու իրենց ինքնութեան պահպանումը՝ Պելճիքական հասարակութեան հետ ներդաշնակ ապրելու միտումով։

Այս թուականէն սկսեալ, չորս տարին անգամ մը ընտրուած ներկայացուցիչներու ժողով մը կը նշանակէ գործադիր կոմիտէ մը՝ Պելճիքահայութեան կոմիտէն։ Երախտապարտ Պելճիքայի ցուցաբերած այդ լայն ընդունելութեան, Ցեղասպանութիւնը վերապրածները սերտ կապեր հաստատեցին տեղական իշխանութիւններուն հետ, ներկայացնելով գաղութի բոլոր հայութիւնը։ Ջանք չխնայեցին շաղուելու Պելճիքական հասարակութեան հետ՝ առանց մոռնալու իրենց ծագումը։ Աշխատեցան կազմակերպել համայնքային կառոյցները՝ անկախ որեւէ կրօնական կամ քաղաքական գունաւորումէ, միեւնոյն ատեն ստեղծելով համոզումներու եւ սկզբունքներու ազատ ընտրութեան միջավայր մը։

Այս միութենական կազմակերպուածութիւնը թոյլ տուաւ փոքր գաղութի մը պահպանել իր մշակութային եւ մարդկային հիմնական արժէքները, յաջողութեամբ շաղուելով զինք հիւրընկալած երկրին մէջ։

Այսօր...

Քսաներորդ դարու վերջին քառորդը, շարք մը աշխարհաքաղաքական ցնցումներ առիթ հանդիսացան որ Պելճիքահայ գաղութը միջին արեւելեան եւ նախկին սովետական երկիրներու հայերով բազմանայ եւ հարստանայ։

Այժմու Պելճիքահայ կոմիտէն, որ ընտրուեցաւ յունիս 2014-ին, անյետաձգելի առաքելութիւն մը համարեց երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն մը հաստատել գաղութի այս բազմազան շերտերուն միջեւ։ Այս շերտերուն իւրաքանչիւրը շարունակելով իր յատուկ գործունէութիւնը, պիտի համախմբուի Հայկական Ինքնութեան շուրջ, որ շաղախը պիտի հանդիսանայ մեր գաղութին։

Հիմքը...

Ներկայացուցիչներու ժողովը եւ Պելճիքահայերու կոմիտէն մտադիր են շարունակել Պելճիքահայերու հիմնադիրներուն մարդասիրական եւ ուրիշին բացուելու աւանդոյթը, հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի սկզբունքները դարձնելով հիմնական դրոյթներ։ Իւրաքանչիւր ազատութեան կաշկանդում, այլատեացութիւն, արմատականութիւն, աղանդաւորութիւն եւ ժխտողականութիւն, դէմ են հիմնադիրներու ձգտումներուն։